2011-11-03 12:50:44

<<Պէնինը Ու Սուրբ Աթոռը>> Հատորին Ներկայացումը։


Հինգշաբթի 3 նոյեմբեր 2011-ի՝ յետմիջօրէի ժամը 17-ին Ռատիովատիկանի Մարքոնիի անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ <<Պէնինը Ու Սուրբ Աթոռը>> հատորին ներկայացումը, նախաձեռնութեամբ՝ Պէնինի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանատան։ Հատորը հրատարակուած է, Վատիկանի հրատարակչատան կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 18-20 նոյեմբեր Պէնին կատարելիք հովուական այցելութեան նախօրեակին։ Հատորը հարուստ տեղեկութիւններ կու տայ Պէնինի մասին, որոնք օգտակար են դիւանագտական , ուսումնասիրական նաեւ լրատուական մարզերէ ներս, բոլոր անոնց որոնք կը հետեւին Սրբազան Քահանայապետի Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք երկրորդ առաքելական ճամբորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.